ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔԻ ՈՐՈՆՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր Պերլինի մէջ կը հիւրընկալւի Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ։ Երէկ, դէպի Գերմանիա պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան շփումներ ունեցաւ Քէօլնի մէջ։ Օրուան տեւողութեան Փաշինեան տեսակցեցաւ KfW դրամատան Արեւելեան Եւրոպայի տարածքաշրջանային տնօրէն Օլաֆ Զիմելքայի հետ։ Քէօլնի Թեքնիկ համալսարանն ալ այցելեց Փաշինեան, ուր ուսանողներու եւ դասախօսական կազմին հետ ունեցաւ հանդիպում մը։ Այս փուլին Քէօլնի Թեքնիկ համալսարանի եւ Հայաստանի Պետական փոլիթեքնիկ համալսարանին միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը։ Քէօլնի քաղաքապետարանէն ներս ալ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ քաղաքապետ Հենրիէթէ Ռեքէրի կողմէ։ Քէօլնի նշանաւոր Մայր տաճարին մէջ ալ Նիկոլ Փաշինեան եւ կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան ծանօթացան հոգեւոր-մշակութային արժէքներու։ Գերմանիոյ Հիւսիսային Վեսթֆալէ երկրամասի եւրոպական եւ միջազգային հարցերու նախարար Շթեֆան Հոլտհոֆ-Փֆիւրթնէրն ալ պաշտօնական ճաշկերոյթով մը պատուեց Հայաստանի վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմը։ Քէօլնի առաջնորդարանի համալիրէն ներս ան տեսակցեցաւ գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան եւ թեմի պատասխանատուները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին Նիկոլ Փաշինեանը։

Գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան պատասխանեց բազմաբնոյթ հարցումներու։ Այս փուլին ան ըսաւ, որ Հայաստան պէտք է ունենայ ուժանիւթի աղբիւրներու տեսակաւորութիւն։ Ըստ իրեն, ներկայիս երկրէն ներս մեծ թափով կը զարգանայ այլընտրանքային ուժանիւթը, ինչ որ շատ կարեւոր ուղղութիւն մըն է տնտեսութեան համար։ Հայաստանի կառավարութիւնը կ՚իրականացնէ ծրագիր մը, որու նպատակն է Մեծամօրի աթոմակայանի օգտագործման ժամկէտի երկարաձգումը։ Ներկայիս Մեծամօրի աթոմակայանը կ՚աշխատի անվտանգ եւ յաջող։ Միջուկային ուժանիւթը շատ կարեւոր է Հայաստանի համար։ «Հայաստան, ի հարկէ, հետաքրքրուած է նաեւ նոր աթոմակայան մը ունենալու հարցով։ Թէ ինչքանով այս ծրագիրը իրատես է կամ ոչ, արդէն ուրիշ քննարկման մը նիւթն է՝ կապուած բազմաթիւ գործօններու հետ։ Միեւնոյն ժամանակ գիտէք, որ այսօր Հայաստանի մէջ մեծ թափով կը զարգանայ այլընտրանքային ուժանիւթը, սա նոյնպէս շատ կարեւոր ուղղութիւն մըն է մեր տնտեսութեան համար։ Ընդհանուր առմամբ մեր ռազմավարութիւնը այն է, որ մեր ուժանիւթը պէտք է ըլլայ տեսակաւոր, պէտք չէ կախուած ըլլանք ուժանիւթի մէկ աղբիւրէ՝ սա ըլլայ աթոմային ուժանիւթը, ջրաելեկտրականութիւնը կամ ջերմաելեկտրականութիւնը», ըսաւ Փաշինեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019