ԺԱՆ-ՔԼՈՏ ԵՈՒՆՔԷՐ. «ԱՌԱՆՑ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ BREXIT-Ի ՌԻՍՔԸ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ Է»

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտարարեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի վերջին քուէարկութիւններու արդիւնքով առանց համաձայնութեան BREXIT-ի ռիսքը աւելցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս մասնաւոր նիստ մը տեղի ունեցաւ BREXIT-ի օրակարգով։ Եունքէր այս առթիւ հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին նշեց, որ Անգլիոյ ԵՄ-է դուրս գալու վերաբերեալ որոշումը «վատ որոշում մըն է»։ Ան ընդգծեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի քուէարկութիւնները պիտի չփոխեն այն իրողութիւնը, թէ BREXIT-ի վերաբերեալ համաձայնութիւնը բաց չէ բանակցութիւններու։ Անգլիոյ կողմէ վիճելի համարուած նախազգուշական յօդուածը, իրականութեան մէջ, երաշխիք մըն է։ Եւրոմիութիւնը այդ մէկը մտադիր չէ օգտագործելու, եթէ անհրաժեշտութիւն մը չծագի։ Իսկ եթէ նախազգուշութեան վերաբերեալ յօդուածը ջնջուի քմահաճ ձեւով, ապա անվստահութիւն մը պիտի ծագի։ Ժան-Քլոտ Եունքէր ընդգծեց նաեւ, որ Իրլանտայի սահմանը Եւրոմիութեան սահման մըն է եւ ԵՄ միշտ Իրլանտայի կողքին պիտի ըլլայ։ Եունքէր շեշտեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանը տակաւին յստակօրէն չէ կրցած արտայայտել, թէ ի՛նչ կ՚ուզէ։ Եւրոյանձնաժողովի նախագահը ընդգծեց, որ պիտի շարունակէ սերտ կապի մէջ ըլլալ Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի հետ եւ Եւրոմիութեան դիրքորոշումը յստակօրէն պիտի փոխանցէ անոր։

Նոյն հաւաքի ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ նաեւ Եւրոմիութեան BREXIT-ի գծով աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ։ Ծանօթ է, որ Անգլիոյ խորհրդարանը վերջին օրերուն հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որով դէմ կեցաւ առանց համաձայնութեան BREXIT-ի։ Միշել Պառնիէ յայտնեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի այդ դիրքորոշման համամիտ են։ «Առանց համաձայնութեան BREXIT-ի դէմ քուէ տալը չի նշանակեր, որ այդ մէկը չի կրնար պատահիլ», ըսաւ Միշել Պառնիէ եւ աւելցուց, որ համաձայնեցուած BREXIT-ի մը իրականացման համար միակ ու լաւագոյն տարբերակն է ներկայ համաձայնութիւնը։ Միշել Պառնիէ եւս ընդգծեց, որ նախազգուշացման յօդուածը համաձայնութեան տարրերէն մին է եւ անկարելի է անոր վերստին բանակցութեան բացուիլը։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019