ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ՏԱՅ ԻՐԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ ամսուան մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Իրան։ Երէկ, դէպի Գերմանիա այցելութեան ծիրէն ներս, Նիկոլ Փաշինեան Քէօլնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այդ հաւաքին ժամանակ վարչապետը տեղեկացուց, որ ամսավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Իրան։

«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Թեհրան ուղեւորութիւնը նախատեսուած է փետրուարի 27-ին։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019