ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՄԻՋԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի քաղաքական վերջին շփումները։ «Մենք բարեխղճօրէն եւ, իմ կարծիքով, որակեալ կ՚իրականացնենք մեր միջնորդական գործառոյթները։ Մենք կ՚ողջունենք այն բարձր մակարդակի քաղաքական շփումները, որոնք վերջին շրջանին տեղի ունեցած են Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։ Լսած ենք այն շինիչ գնահատականները, որոնք տուած են մայրաքաղաքները եւ կը կարծենք, թէ սա յառաջ շարժուելու ճիշդ ճանապարհն է», ըսաւ Զախարովա։

Մինչ այդ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ փոխզիջումներու վերաբերեալ հարցման Երեւան չի պատասխաներ՝ քանի տակաւին Պաքու չէ պատասխանած։ Փաշինեան երէկ Քէօլնի մէջ գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ ըսաւ. «Ես Ազգային ժողովի ամպիոնէն քանի մը անգամ յայտարարած եւ ըսած եմ՝ ինչո՞ւ բոլորը մեզի կը հարցնեն, պատրա՞ստ ենք փոխզիջումներու, թէ ոչ։ Իսկ ո՞վ ըսած է, որ այդ հարցի առաջին պատասխանողը մենք պէտք է ըլլանք։ Ինչո՞ւ ոեւէ մէկը Ատրպէյճանին չի հարցներ՝ անոնք փոխզիջումներու պատրա՞ստ են, թէ ոչ։ Հետեւաբար ես քանի մը անգամ հրապարակաւ ըսած եմ, որ մենք այդ հարցման չենք պատասխաներ այնքան ժամանակ, որ Ատրպէյճան չէ պատասխանած»։

Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ այն պնդումներուն, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանի վրայ ճնշումներ կը գործադրուին։ Ան հերքեց այդ լուրերը։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019