ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԾՐԱԳԻՐ

Մարտի 31-ին կայանալիք տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ ներկայացուց ԱՔ կուսակցութեան ծրագրի շարադրանքը։ Սա, անշուշտ, թէ՛ ԱՔ կուսակցութեան եւ թէ Ճումհուր դաշինքի վերաբերեալ յայտարարութիւն մըն էր։ Նախագահ Էրտողան իսկապէս յաւակնոտ ծրագիր մը ներկայացուց՝ Անգարայի մարզասրահի երդիքին տակ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին։ Ըստ իրեն, պիտի շարունակուին կեանքի կոչուիլ այն բարեփոխումները, որոնց շնորհիւ Թուրքիա ժողովրդավարութեան եւ տնտեսութեան բնագաւառներու մէջ աշխարհի յառաջատարներու մակարդակին պիտի բարձրանայ։

Հաւաքոյթի ընթացքին Էրտողան նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ բնակչութեան 80 տոկոսէ աւելի մասը կ՚ապրի քաղաքներու մէջ։ Համաշխարհային հարթութեան վրայ այդ համեմատութիւնը 55 տոկոս է։ Քաղաքներու բնակիչներու համեմատութիւնը որքան որ բարձրանայ՝ համաշխարհային մակարդակով այնքան կը խանգարուի եկամուտներու բաժանումը։ Նոր փորձագիտութիւնները մէկ կողմէ կ՚ապահովեն կարեւոր հնարաւորութիւններ, իսկ միւս կողմէ ծնունդ կու տան անորոշութիւններու։ Բնութեան դէմ գործուած աւերը սկսած է աւելի մեծ սպառնալիք մը դառնալ աշխարհի ապագային համար։ Ազգային, կրօնական կամ մշակութային խտրականութիւններու հիման վրայ վերելք կ՚ապրին այն հակումները, որոնք ասպարէզ կը կարդան ժողովրդավարութեան դէմ։ Աշխարհ այլեւս հետզհետէ կ՚ընթանայ դէպի ճամբաբաժան մը։ Այս համայնապատկերին վրայ Էրտողան մեծապէս կարեւորեց քաղաքապետութիւններու ծառայութիւնները եւ յայտնեց, որ անոնց մասին պէտք է աւելի շատ մտածել, որովհետեւ անոնք քաղաքներու եւ քաղաքակրթութիւններու ընկալման անանջատելի մասն են։

Նախագահ Էրտողան ելոյթի ընթացքին յայտնեց, որ իրենց ծրագրով կը ձգտին նոր որակ մը տալ երկրի քաղաքներուն ու կը նախատեսեն քաղաքապետութիւններու գործունէութեան հետեւելու եւ զանոնք արժեւորելու համար մասնաւոր նոր համակարգ մը ստեղծել։

«Մենք պիտի ունենանք երջանկութիւնը՝ տէր ըլլալու այնպիսի քաղաքներու, ուր բոլոր էակները կ՚ապրին անվտանգ», ըսաւ Էրտողան ու մաղթեց, որ նախընտրական քարոզարշաւը ձեւաւորուի ծրագրերու եւ ծառայութեան ձգտումի առանցքներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019