ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Ալմաթիի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի ժողովին։ Կազմակերպութեան անդամ երկիրներու վարչապետները գումարեցին իրենց հերթական ժողովը, որու ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Նիկոլ Փաշինեան։ Այս առթիւ ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է աշխուժացնել՝ ԵԱՏՄ-ի ուժանիւթի եւ փոխադրութեան ընդհանուր շուկաներու ստեղծման ուղղեալ ջանքերը։

Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Ռուսաստանի նորանշանակ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ։ Վարչապետները կանգ առին երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակի մը վրայ։ Առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումը ենթակառուցուածքները, ուժանիւթի, արդիւնաբերութեան, տեղեկատուական փորձագիտութիւններու ոլորտներէն ներս ներդրումային ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւնները դարձան ուշադրութեան առարկայ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետները կարեւորեցին միջկառավարական յանձնաժողովի գործունէութիւնը՝ համագործակցութեան նոր թափ մը տալու առումով։

Շաբաթ, Փետրուար 1, 2020