ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ եկեղեցիները տարիներէ ի վեր կայուն թափով յառաջ կը տանին իրենց Աստուածաբանական երկխօսութիւնը, որու ծիրէն ներս կը կազմակերպուին նաեւ պարբերական ժողովներ։ Այս տարուան երկխօսութեան ժողովը վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Այս տարուան քննարկումները ծաւալուեցան՝ Եկեղեցւոյ խորհուրդներու Աստուածաբանական հիմնական կէտերուն շուրջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ աշխատանքներուն ներկայ գտնուեցան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ երկուքական ներկայացուցիչ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը Լիբանան ուղարկած էր՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանն ու Միջեկեղեցական յարաբերութեանց գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեանը։ Անթիլիասը ներկայացուցին Տ. Մակար Եպսկ. Աշքարեան եւ Տ. Պօղոս Վրդ. Տինքճեան։ Ներկայ շաբթուան սկիզբին ժողովականները ձեռնարկեցին աշխատանքի եւ ծրագրի գործադրութիւնը այսօր կը հասնի իր աւարտին։ Աշխատանքներուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան։
Աստուածաբանական երկխօսութեան այս նստաշրջանին մասնակից շարք մը ներկայացուցիչներ նախընթաց օր հիւրընկալուեցան Լիբանանի նախագահ Միշել Աունի կողմէ։ Թիւով հինգ այդ ներկայացուցիչներու շարքին էր նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Լիբանանի մէջ կեցութեան օրերուն Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այցելութիւններ տուաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Հայ Կաթողիկէից Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-պատրիարքին։