ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԸ ՎԱՂԸ ՊԻՏԻ ՁԵՌՆԱՐԿԷ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովը վաղը պիտի ձեռնարկէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան։ Նորանկախ պետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ հանրապետութեան նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին կողմէ։ Սա պիտի ըլլայ բարեփոխեալ սահմանադրութիւններու հիման վրայ։

Հայաստանի հանրապետութեան չորրորդ նախագահը դառնալու թեկնածուն է Արմէն Սարգսեան։ Այս վերջնոյն թեկնածութիւնը առաջադրուած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ, որ խորհրդարանէն ներս ունի մեծամասնութիւն։ Հայաստանի խորհրդարանէն ներս ներկայաց-ւած այլ խմբակցութիւններ եւս զօրակցութիւն յայտնած են Արմէն Սարգսեանի թեկնածութեան։

Ինչպէս ծանօթ է, վաղուան ընտրութեան սեմին, շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր Արմէն Սարգսեան ունեցաւ բազմակողմանի հանդիպումներ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Ան այդ շփումներու արդիւնքին ապահովեց համահայկական նշանակութեամբ զօրակցութիւն եւ այդ հիման վրայ ալ պաշտօնապէս ընդունեց Սերժ Սարգսեանի առաջարկը՝ դառնալու համար հանրապետութեան նախագահ։ Այս ընթացքին ան զանազան առիթներով հարցազրոյցներով ալ հանդէս եկաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներով։

Արմէն Սարգսեան վերջին տարիներուն կը վարէր Լոնտոնի մօտ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը։ Նախապէս կարճ ժամանակաշրջան մը եղած էր նաեւ երկրի վարչապետը։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018