ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՄԱԿ-Ի ԺԸՆԵՒԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐ ՄԱՅՔԸԼ ՄԻՒԼԼԷՐԻ ՀԵՏ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն Մայքըլ Միւլլէրի հետ, որ միեւնոյն ժամանակ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալն է։ Տեսակցութեան ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ՄԱԿ-ի եւ անոր կառոյցներու աշխատանքներուն Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութեան կապակցութեամբ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Եդուարդ Նալպանտեան եւ Մայքըլ Միւլլէր կարծիքներ փոխանակեցին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւանց խորհուրդի 37-րդ նստաշրջանի օրակարգին շուրջ, անդրադառնալով ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման բնագաւառէն ներս Հայաստանի նախաձեռնութիւններուն։ Նախարար Նալպանտեան այս ամբողջին մէջ նշեց, որ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին պայմանագրի 70-ամեակին կապակցութեամբ Հայաստան հանդէս եկած է նախաձեռնութիւնով մը, որպէսզի Մարդու իրաւանց խորհուրդը ընդունի նոր բանաձեւ մը։ Այս վերջինը կը պարունակէ գործողութիւններու յստակ առաջարկներ եւ կանխարգիլման ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի եւ անոր անդամ երկիրներու կողմէ քայլեր։ Նալպանտեան զրուցակցին տեղեկացուց նաեւ, որ 9 Դեկտեմբերին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի միջազգային օրուան առթիւ Հայաստան պիտի կազմակերպէ՝ Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան երրորդ համաշխարհային ֆորումը։ Այս հաւաքը նուիրուած պիտի ըլլայ կրթութեան միջոցաւ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման։

Նալպանտեան եւ Միւլլէր աւելի վերջ անդրադարձան «Կայուն զարգացման 2030 օրակարգ»ին ներառնուած նպատակներուն, կարեւորեցին անոնց արդիւնաւէտ իրականացումը եւ այդ ուղղութեամբ ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներու համագործակցութիւնը։ Այս համատեսքին մէջ Նալպանտեան զրուցակցին ներկայացուց «Կայուն զարգացման նպատակներու» իրագործման շրջնակներէն ներս Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը եւ իրագործուած աշխատանքները։

Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովին։

Եդուարդ Նալպանտեան Մայքըլ Միւլլէրին ներկայացուց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուող ջանքերը։

Հինգշաբթի, Մարտ 1, 2018