«ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԱՒԵԼԻ ԿԱՐԵՒՈՐ Է՝ ՔԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿ ՇԱՀԻԼԸ»

Եւրոմիութեան BREXIT -ի աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ երէկ Վիեննայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Աւստրիոյ վարչապետ Սեպաստիան Քուրցի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Միշել Պառնիէ յայտնեց, որ BREXIT-ի վերաբերեալ առնուելիք որոշումը աւելի կարեւոր է՝ քան ժամկէտի երկարաձգումը։ «Գործընթացի երկարացումը ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ։ Խնդիրը պէտք չէ յետաձգուի, լուծումի մը պէտք է կապուի։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ նշած եմ, մենք որոշումի մը կարիքը ունինք եւ այդ որոշումը աւելի կարեւոր է՝ քան ժամկէտի երկարաձգումը։ Թեքնիկ տեսակէտէ երկարաձգումը խնդրոյ առարկայ կըր-նայ ըլլալ։ Անգլիոյ խորհրդարանին կարելի է ժամանակ տալ՝ BREXIT-ի համաձայնութեան գործադրութեան ուղղեալ օրէնքներու ընդունման համար, սակայն եթէ նման պարագայ մը խնդրոյ առարկայ չէ, ապա պէտք է հարցնել հետեւեալը. գործընթացի երկարաձգումը ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ։ Խնդիրը պէտք չէ յետաձգուի, այլ լուծումի մը պէտք է կապուի», ըսաւ Միշել Պառնիէ։ Սեպաստիան Քուրցի հետ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ Միշել Պառնիէ նշեց, որ BREXIT-ի պարագային կ՚ընթանայ դժուարին գործընթաց մը։ Անգլիա որոշած է 29 մարտին դուրս գալ Եւրոմիութենէն։ «Անգլիոյ խորհրդարանն ու քաղաքական գործիչները այս ուղղութեամբ իրենց վիճակած պարտականութեան պատասխանատուութեան մէջ պէտք է ըլլան», ըսաւ Միշել Պառնիէ եւ յիշեցուց Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյի յայտարարութիւնը, ըստ որու 12 մարտին խորհրդարանէ ներս դրական քուէարկութիւն մը պիտի իրականացուի։ Պառնիէ աւելցուց, որ եթէ խնդրոյ առարկայ քուէարկութիւնը նախընտրելի ուղղութեամբ չիրականանայ, ապա քուէարկութեան պիտի դրուի առանց համաձայնութեան BREXIT-ի վարկածը։ Այս կապակցութեամբ գործընթացի երկարաձգման համար նոր քուէարկութիւն մը պիտի կատարուի։ ԵՄ-ի աւագ բանագնացը ընդգծեց, որ Եւրոմիութիւնը համբերատարութեամբ ու միասնականութեամբ պիտի յաղթահարէ այս բարդ գործընթացը։ Իրլանտայի վերաբերեալ խնդիրներուն առումով ան նաեւ շեշտը դրաւ Եւրոմիութեան ներքին շուկայի պահպանման խնդրին վրայ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019