ԶՈՒՐԱՊԻՇՎԻԼԻ. «ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻՆ»
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու։ Ալիեւ նշեց, որ Զուրապիշվիլիի այցը Ատրպէյճան-Վրաստան յարաբերութիւններու զարգացման տեսակէտէ շատ կարեւոր քայլ մըն է։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս ուղղութեամբ իրենց հասարակաց ջանքերը գերազանց արդիւնքներ պիտի տան։ Իլհամ Ալիեւ ընդգծեց, որ բոլոր ուղղութիւններով երկկողմանի համագործակցութիւնը դրական մակարդակի մը վրայ կ՚ընթանայ։ Երկկողմանի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի կը խորանան եւ դրական արդիւնքներ ապահովուած են՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, հաղորդակցութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ։
Զրոյցի ընթացքին Զուրապիշվիլին ալ ուրախութիւն յայտնեց, որ իր առաջին այցելութիւնը կ՚իրականացնէ դէպի Ատրպէյճան։
«Մեր յարաբերութիւնները այլընտրանք չունին եւ ուղղուած են ապագային», ըսաւ Զուրապիշվիլի։
Դէպի Պաքու երկօրեայ պաշտօնական այցելութեան ընթացքին Սալոմէ Զուրապիշվիլի բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ տարածքաշրջանային ու միջազգային օրակարգի արդի խնդիրներուն վերաբերեալ նիւթեր։