ԼԱՒԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դէպի Իրան պաշտօնական այցելութեան ընթացքին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն։ Իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման համար լաւատեսութեան հիմքեր չի տեսներ։ «Թուրքիոյ իշխանութիւններու դիրքորոշումը որեւէ հնարաւորութիւն չի թողուր հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին լրջօրէն խօսելու համար», ըսաւ Փաշինեան։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մօտ ալ արձագանգ գտած են Նիկոլ Փաշինեանի այս վերջին յայտարարութիւնները, որոնց ժամանակ ան ըսած է հետեւեալը. «Թուրքիա շարունակաբար մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները կը կապէ Ղարաբաղի հարցին, այսինքն՝ Հայաստան-Ղարաբաղ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն։ Հետեւաբար, քանի տակաւին իրավիճակը այսպէս է, դժբախտաբար, մենք լաւատեսութեան հիմք չենք կրնար ունենալ։ Թէեւ մենք ըսած ենք ու կ՚ըսենք, որ պատրաստ ենք առանց նախապայմաններու այդ յարաբերութիւնները քննարկել, բայց սա կը նշանակէ, որ Թուրքիա նոյնպէս պէտք չէ ունենայ նախապայմաններ, իսկ այսօր ան ունի նախապայման, որ կապուած է Ղարաբաղի հարցին հետ»։

Իր յայտարարութիւններու տեւողութեան Փաշինեան նը-շեց, որ Հայաստանի իշխանութեան համար այս համատեսքին մէջ չափազանց կարեւոր է ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրը։ «Բայց հիմա հարց կրնայ յառաջանալ՝ դուք կ՚ըսէք պատրաստ էք առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու, Թուրքիան կը մեղադրէք նախապայման ունենալու մէջ, կը յիշատակէք ցեղասպանութիւնը, արդեօք սա նախապայման չէ՞։ Մենք շատ յըս-տակ կ՚ըսենք, որ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը ո՛չ թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու հարց է, այլ՝ ցեղասպանութիւններու դէմ պայքարի եւ կլոպալ անվտանգութեան օրակարգի հարց մըն է եւ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հետապնդումը մենք կը համարենք մեր ներդրումը կլոպալ անվտանգութեան եւ ցեղասպանութիւններու դէմ կլոպալ պայքարի հարցին մէջ։ Մենք պիտի շարունակենք հետապնդել հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

Թրքական մամուլին մէջ Փաշինեանի այս արտայայտութիւններուն արձագանգը այն է, որ 1915-ի հարցին շուրջ ան կը շարունակէ երկրի նախկին իշխանութեան քաղաքականութիւնը։

Հարկ է նշել, որ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աւարտեց դէպի Իրան պաշտօնական այցելութիւնը։ Թեհրանի շփումներէն վերջ իր ուղեւորութեան երկրորդ օրուան ծրագիրը ան կեանքի կոչեց Սպահանի մէջ։ Տեղական իշխանութիւններուն կողմէ հիւրընկալուելու առընթեր Նիկոլ Փաշինեան մէկտեղուեցաւ շրջանի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Հայ ժողովուրդի պատմական ճակատագրի յեղափոխութիւնը պէտք է տեղի ունենայ «Մենք ենք տէրը մեր ճակատագրին» կարգախօսին ներքեւ», ըսաւ Փաշինեան հաւաքի ընթացքին։

«Մեր հազարամեայ փորձառութիւնները մեզի հանգրուանի մը հասցուցած են որ մենք որպէս ժողովուրդ հասունցած ենք ունենալու հզօր պետութիւն։ Մենք պէտք է ամուր պահպանենք մեր ինքնութիւնը, անսասան միասնութիւնը եւ տուրք չտանք օտարամոլութեան։ Թոյլ չտանք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործեն քաղաքական գործիչներ, որոնք աւելի շատ օտարերկրեայ գործակալներ են՝ քան իրենց սեփական երկրի քաղաքացիները։ Մենք որպէս ժողովուրդ այլեւս թոյլ պիտի չտանք դաւադրութիւններու մեր պետականութեան դէմ, թոյլ պիտի չտանք ոեւէ մէկուն մեզ օգտագործել որպէս մանրադրամ իր աշխարհաքաղաքական խաղերուն մէջ, թոյլ պիտի չտանք, որ մեր իսկ եղբայրները օգտագործեն մեր պետութիւնը աւերելու, քանդելու, թուլացնելու համար, որովհետեւ սա հայ ժողովուրդի միասնութեան բացառիկ ժամն է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան Սպահանի հայութեան ներկայացուցիչներուն խօսք ուղղելու ժամանակ։

Ուրբաթ, Մարտ 1, 2019