ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ Կ՚ՈԳԵԿՈՉՈՒԻՆ 1 ՄԱՐՏ 2008-Ի ԴԷՊՔԵՐՈՒ ԶՈՀԵՐԸ
Հայասատանի մէջ այսօր կ՚ոգեկոչուին 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած արիւնալի դէպքերու զոհերը։ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս առաւօտ այցելեց Երեւանի Միասնիկեանի արձանի հրապարակը, ուր թողուց ծաղկեփունջ մը եւ իր յարգանքի տուրքը մատոյց զոհերու յիշատակին։
Կառավարութեան եւ խորհրդարանի անդամներ, հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքացիներ եւս մասնակցեցան ոգեկոչման։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ պատգամ մը հրապարակեց մարտ 1-ի տարելիցին համար։ Այս առթիւ ան շեշտեց, որ օրուայ իշխանութիւնը ապօրինի ուժ կիրառած էր խաղաղ ցուցարարներու դէմ։ Իրադարձութիւններէն 11 տարի անց, Փաշինեան չափազանց կարեւոր կը համարէ քաղաքական գնահատական տալ դէպքերուն։ «Մարտի 1-ի զոհերէն իւրաքանչիւրին վրայ արձակուած կրակոցը մեզմէ իւրաքանչիւրին վրայ արձակուած կրակոց է։ Եւ այսօր՝ 2019 թուականի մարտի 1-ին կ՚ուզեմ յստակ արձանագրել, որ վերադարձ անցեալի բարքերուն ու յարաբերութիւններուն չի կրնար ըլլալ։ Հայաստան պիտի չվերադառնայ կաշառակերութեան, քաղաքական հետապնդումներու, քաղաքական բռնութիւններու, իրաւունքներու արհամարհման ու ոտնահարման, ամենաթողութեան ու լկտիութեան ժամանակներուն», ըսուած է Նիկոլ Փաշինեանի պատգամին մէջ։ «Սիրելի հայրենակիցներ, այսօր գարուն է։ Այս գարունը դուք բերած էք Հայաստանին», եզրափակեց վարչապետը պատգամին։
Հարկ է նշել, որ այսօր երեկոյեան ժամներուն Երեւանի մէջ «Ազատութեան» հրապարակէն դէպի Միասնիկեան արձան տեղի կ՚ունենայ երթ մը՝ մարտի 1-ի դէպքերու տարելիցին առթիւ։