ԿԱՐԵՒՈՐ ԿԱՐԳԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման մթնոլորտին մէջ «FlyOne Armenia» ընկերութիւնը նոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ՝ Թուրքիոյ շուկայէն ներս ներկայութիւնը ամրապնդելու համար։ Հայաստանի կողմէ այս չուերթները իրականացնող ընկերութիւնը վերջին շրջանին արդէն ընդհանուր առմամբ ոստումի մէջ է։ Ան սկսած է բանուկ ուղղութիւններու վրայ չուերթներ կազմակերպել։ Երեւան-Լիոն եւ Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքներուն առընթեր, բոլորովին վերջերս ընկերութիւնը սկսած է թռիլ նաեւ Երեւան-Մոսկուա ուղղութեան վրայ։
«FlyOne Armenia»ի վարչական խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան, որ մօտաւոր անցեալին՝ Երեւան-Իսթանպուլ առաջին թռիչքով քաղաքս գալով կարճ կեցութիւն մը ունեցած էր, վերադարձին արդէն կարեւոր կարգադրութիւն մը ըրած է։ Արամ Անանեան, որ տեղւոյն վրայ դիտարկած է բոլոր կարիքները եւ վերահասու դարձած՝ ակնկալութիւններուն, վերադարձին արդէն աստիճանաբար տնօրինութիւններ կը կատարէ՝ այդ բոլորը յագեցնելու առաջադրութեամբ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ շրջանին «FlyOne Armenia» ընկերութիւնը դէպի Երեւան ուղիղ թռիչքներու համար Իսթանպուլի մէջ պիտի գործակցի մեր համայնքի յայտնի եւ համակրելի դէմքերէն Պերճուհի Սէօղիւթի հետ։ Այս վերջինը սոյն բնագաւառի յայտնի եւ փորձառու անուններէն մին է, որովհետեւ մօտաւոր անցեալին ալ երկար ժամանակ զբաղած է այդ թռիչքներով՝ մանաւանդ անոնց տոմսերու վաճառքով։ Մինչեւ շուրջ երկուքուկէս տարի առաջ՝ այդ ժամանակուայ «Atlas Global» ընկերութեան կողմէ իրականացուող թռիչքներու ընդհատուիլը, Պերճուհի Սէօղիւթի ընկերութիւնը Իսթանպուլի մէջ այդ գործարքի մղիչ ուժերէն մին էր։ Բաց աստի, ան Երեւանի մէջ հաստատած էր ընկերութիւն մը, որու միջոցաւ կը գործէր որպէս՝ այդ ժամանակուայ «Atlas Global» ընկերութեան Հայաստանի ներկայացուցիչը։ Այժմ ուրախառիթ է, որ Պերճուհի Սէօղիւթ այս նոր շրջանին եւս իր փորձառութեամբ կը ներգրաւուի սոյն աշխատանքին։ Արամ Անանեան այս շրջանին արդէն նկատած է, որ ան բարի համբաւ եւ համակրանք կը վայելէ՝ մանաւանդ մեր համայնքային շրջանակներէն ներս, ուստի, որոշած է գործակցութեան սկսիլ Պերճուհի Սէօղիւթի հետ եւ զինքը դարձնել «FlyOne Armenia»ի Իսթանպուլի ներկայացուցիչը։
Վերջին օրերուն Արամ Անանեան Պերճուհի Սէօղիւթը հիւրընկալած է նաեւ Երեւանի մէջ, ուր քննարկուած են բոլոր մանրամասնութիւնները։
Կը նախատեսուի, որ մօտաւոր ապագային Պերճուհի Սէօղիւթի պաշտօնական համապատասխան արձանագրութիւններու ընթացակարգը ի կատար ածուի եւ ան ձեռնարկէ լիարժէք աշխատանքի։
«FlyOne Armenia» ընկերութիւնը, ըստ էութեան, առցանց դրոյթով կ՚իրականացնէ իր տոմսերու վաճառքը։ Այժմ, Պերճուհի Սէօղիւթի ներգրաւումով թռիչքներու համար տոմս ապահովելու հնարաւորութիւնները պիտի ընդլայնուին եւ առցանց հարթակը այլեւս պիտի չըլլայ անայլընտրանք։