ԴԷՊՔԵՐ ԵՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս իրարու կը յաջորդեն առանցքային իրադարձութիւնները։ Պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացին մէջ միշտ կը յառաջանան նոր դէպքեր ու նոր հարցականներ։ Թէեւ առկայ թնճուկի յաղթահարման առումով առայժմ այդքան ալ մեծ յոյսեր չկան քարացած հաւասարակշռութիւններու փոփոխութեան իմաստով, սակայն ընդհանուր եռեւեփը կը շարունակուի։ Միշտ լուծումներ կ՚որոնուին համայնքային շրջանակներէն ներս։ Թէ՛ հոգեւոր հայրերը եւ թէ աշխարհական վարիչները ներգրաւուած են այս գործընթացին մէջ։
Երէկ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այցելեց Իսթանպուլի Կուսակալութիւն, ուր ընդունուեցաւ Փոխ-կուսակալ Ազիզ Մերճանի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան կ՚ընկերանային Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Եկեղեցական համագումար ժողովի դիւանի ատենադպիր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Ծանօթ է, որ այս ժամադրութեան կը սպասուէր երկար ժամանակէ ի վեր։ Պատրիարքական Աթոռը 16 Մարտ 2017 թուականին դիմում ներկայացուցած էր Նահանգապետարան՝ ժամադրութեան խնդրանքով։ Ծանօթ է նաեւ, որ 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունեցած Եկեղեցական համագումարէն անմիջապէս վերջ Կուսակալութենէն Պատրիարքարան հասած պաշտօնագիրը ստորագրուած էր Տիար Մերճանի կողմէ։ Պատրիարքարանի Դիւանը երէկուան այս կարեւոր տեսակցութեան շուրջ հրապարակած է պաշտօնական զեկոյց մը, որ նոյնութեամբ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։
Մինչ այդ, Պոլսոյ Աթոռի իրադարձութիւններուն մասին երէկ արձագանգներ հասան նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ուղարկեց օրհնութեան գիր մը՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեղապահ ընտրուելուն առթիւ։ Նորին Սրբութեան օրհնութեան գիրը նոյնութեամբ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։
Բաց աստի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախընթաց օր Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողով, որու ընթացքին մասնաւորապէս քննութեան առնուեցան Պոլսոյ Աթոռէն ներս տեղապահի ընտրութիւններու փուլին պատահած վերջին զարգացումները։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց ստեղծուած իրավիճակին ու ժողովականներուն տեղեկացուց Եկեղեցական համագումար ժողովի դիւանի ատենապետ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեանի եւ ատենադպիր Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեանի կողմէ Մարտի 24-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ուղարկուած գրութեան մասին։ Այդ նամակով Նորին Սրբութիւնը պաշտօնապէս տեղեակ դարձած է, որ Մարտի 15-ին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ընտրուած է տեղապահ։ Քննարկումներու աւարտին Նորին Սրբութիւնը ծանուցեց՝ տեղապահի ընտրութիւնը օրհնելու վերաբերեալ առնուած որոշումը, ինչ որ ողջունուեցաւ ԳՀԽ-ի անդամներուն կողմէ։
Ինչպէս ծանօթ է, վաղը յետմիջօրէին նախատեսուած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի քաղաքս ժամանումը։ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի Դիւանն ալ երէկ տեղեկացուց, թէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի Իսթանպուլ կեցութեան շրջանին Քէօլնի մէջ իրեն պիտի փոխանորդէ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։
Այս իրադարձութիւնները մէկ կողմէ կը համարուին իրերամերժ, իսկ միւս կողմէ իրերու առկայ դրուածքով անակնկալ մը չեն մատուցեր։ Այլ խօսքով, խնդրին ներգրաւուած բոլոր կողմերը ներկայ պայմաններով ունին կանխատեսելի ընթացք։ Թէեւ ամենայն վերապահութեամբ, սակայն ըստ երեւոյթին կարելի է ունենալ այն տպաւորութիւնը, թէ պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացէն ներս հետզհետէ կրնան ստեղծուիլ անցումային շրջանի նոր պայմաններ։