ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱՔԱՐ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը վա­ղը հեր­թա­կան ան­գամ փոր­ձա­քա­րի կ՚են­թար­կէ իր ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը՝ պե­տա­կա­նա­շի­նու­թեան ա­ւե­լի քան 25-ա­մեայ փոր­ձա­ռու­թեամբ։ Վա­ղը Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք կու գան նոր փուլ մը բնո­րո­շել պե­տա­կա­նա­կերտ­ման ջան­քե­րու ճա­նա­պար­հին։ Թէ՛ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը եւ թէ ընդ­դի­մու­թիւ­նը նա­խընտ­րա­կան քա­րո­զար­շա­ւի ըն­թաց­քին խտա­ցեալ ձե­ւով ժո­ղո­վուր­դին փո­խան­ցե­ցին ի­րենց պատ­գա­մը՝ երկ­րի ա­պա­գա­յին մա­սին տես­լա­կան­նե­րով հան­դերձ։ Յա­ռա­ջի­կայ տա­րուան երկ­րորդ կէ­սէն սկսեալ Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հաս­տա­տուի կա­ռա­վար­ման նոր հա­մա­կարգ մը։ Այս կա­րե­ւոր փու­լին ըն­դա­ռաջ քա­ղա­քա­կան հա­մա­կար­գէն ներս կը նա­խա­տե­սուին թէ՛ պատ­րաս­տու­թիւն­ներ եւ թէ փո­փո­խու­թիւն­ներ։ Ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւո­րում մը պի­տի ապ­րուի ներ­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ։ Մնաց որ, վա­ղուան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ եւս ե­ղան ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւո­րում­ներ, ո­րոնց ար­դիւնք­նե­րը պի­տի բիւ­րե­ղա­նան յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։

Յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ կը ներ­կա­յաց­նենք Ե­րե­ւա­նի մեր աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Սա­գօ Ա­րեա­նի դի­տար­կում­ներն ու խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը Հա­յաս­տա­նի վա­ղուան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017