ԲՈՒՌՆ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած վերջին բախումներուն արձագանգները կը շարունակեն։ Ինչպէս ծանօթ է, նախընթաց օր Ատրպէյճանի զօրքերը փորձած էին Տաւուշի մարզէն ներթափանցել Հայաստանի սահմանը։ Ծագած բախումներուն հետեւանքով երկու հայ զինուոր վիրաւորուած էր։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, վիրաւորեալ զինուորները երէկ դարմանման համար փոխադրուեցան Երեւան։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Շուշան Ստեփանեան տեղեկացուց, որ վիրաւորեալ զինուորներու վիճակը կայուն է եւ անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բուռն հակազդեցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած յարձակման դէմ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան երէկ յայտարարեց, որ սահմանին վրայ Ատրպէյճանին հրահրած խախտումը որեւէ արդարացում չունի։ Հայաստան խստօրէն կը դատապարտէ սահմանի վրայ իրադրութիւնը լարելու ուղղեալ Ատրպէյճանի փորձերը։

«Հրադադարի ժամանակ հրահրուած այս խախտումը որեւէ արդարացում չունի՝ յատկապէս այն պարագային, երբ աշխարհի բոլոր երկիրները, ներառեալ տարածքաշրջանի երկիրները, բժշկական միջոցները ուղղած են քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին», յայտնեց Աննա Նաղդալեան՝ երէկ Երեւանի մէջ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ։

ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ պատահած վերջին դէպքը արձագանգ գտաւ նաեւ Ուաշինկթընի մէջ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու քոնկրէսի անդամներէն Ֆրենք Փալոն կոչ ուղղեց, որպէսզի ամերիկեան կողմը ընդլայնէ ռազմական օգնութիւնը Հայաստանի համար եւ անյապաղ դադրեցնէ Ատրպէյճանի ռազմական օգնութիւնները։ Քոնկրէսական Փալոն համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի ռազմական օգնութիւնը պէտք է դադրեցուի այնքան ժամանակ, մինչեւ այդ երկրի կառավարութիւնը դադրեցնէ իր յարձակումները Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, համաձայնի տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու խաղաղ լուծման եւ ապացուցանէ կասեցումը մարդու իրաւանց ոտնահարման։ Ամերիկացի քոնկրէսականը ընդգծեց, որ Ատպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչախումբը պատճառ կը դառնայ շարունակական յարձակումներու։

Սահմանի վրայ տեղի ունեցած բախումի արդիւնքով յառաջացած իրավիճակը շօշափուեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքերի միջեւ տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցի ընթացքին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020