ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ՄՐՑՈՅԹ

Գանատայի մէջ տեղի ունեցած է մազերը -20 աստիճան ցուրտի պայմաններուն մէջ սառեցնելու ինքնատիպ մրցոյթ մը։ Այսպէս, Գանատայի հիւսիս-արեւմտեան հատուածին մէջ տեղի ունեցած է ամենամեայ Takhini Hot Springs Hair Freezing Contest (Տաք աղբիւրներու մէջ մազերու սառեցման մրցոյթ) մրցոյթը, որու ժամանակ մասնակիցները տաք ջուրի մէջ լողալէ յետոյ պէտք է իրենց գլուխը դուրս հանեն -20 աստիճան սաստիկ ցուրտ միջավայր եւ հասցնեն առաւելագոյն կարճ ժամանակի ընթացքին մազերը կամ մօրուքը սառեցնելու միջոցով հետաքրքրական տեսք հաղորդել։ Ըստ «Daily Mail» պարբերականին, այս տարի մրցոյթի համար ներկայացուած է 288 յայտ։

Մրցոյթի ընթացքին կայ սանրուածքներու 5 հիմնական անուանակարգ՝ «Լաւագոյն տղամարդկային», «Լաւագոյն կանացի», «Լաւագոյն խմբային», «Ամենաքրէաթիվ» եւ «Հանդիսատեսի ընտրութիւն»: Յաղթողներու անունները գաղտնի կը պահուին եւ կը հրապարակուին ապրիլի 1-ին։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը ստանայ 2 հազար ամերիկեան տոլար եւ անվճար կրնայ լողալ ծովալճակին մէջ (լակունա)։ Այս տարի մրցոյթի համար յատուկ կայքէջ ստեղծուած է ու առաջարկուած՝ մրցանակային բարձր գումարներ։ Կայքէջին վրայ կը նշուի, որ տաք ջուրին մէջ լողալէ յետոյ՝ մազերը սառեցնելու համար ամենաճիշդ ջերմաստիճանը -20 աստիճան է կամ աւելի ցած։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020