ԽՈՒՆԿԻ ՄԱՆՐԷԱՍՊԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Խունկը, ինչպէս յայտնի է դեռ հին ժամանակներէն շարք մը բուժիչ յատկութիւններով  օժտուած է:

Հին եգիպտացիները կ՚օգտագործէին խունկը որպէս տարբեր հիւանդութիւններէ ազատելու օգտակար միջոց:

Այժմ խունկը յայտնի է իր մաքրող յատկութիւններով եւ մարդիկ հիմնականին այդ նպատակներով կ՚օգտագործեն:

Այժմ քանի որ շատ տարածուած են ժահրերը, սենեակը ախտահանենք խունկ ծխելով։ Այսպէս, որպէս մանրէասպան միջոց կրնաք տանը մէջ խունկ վառել եւ զայն տարածել ամբողջ տունով։ Այսպէս դուք կրնաք ազատիլ օդին մէջ առկայ բոլոր տեսակի մանրէներէն, ժահրերէն եւ զերծ մնալ վարակուելէ:

Բացի այդ, պէտք է նաեւ նշել, որ խունկի հոտը հակաճնշուածութեան ազդեցութիւն կը գործէ մարդու մարմինի վրայ՝ հանգստացնելով եւ թեթեւցնելով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020