ՍԳԱԿԻՐ ԼԵՒՈՆ ԱՐՈՆԵԱՆԸ ՄԽԻԹԱՐԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի յառաջատար կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեանի նորոգ վախճանեալ կողակցին՝ Արիանա Քաոլիի յուղարկաւորութիւնը այսօր տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի ճատրակի դաշնակցութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Արիանա Քաոլիի համար նախատեսուած է սգահանդէս մը։

Մինչ այդ, սգակիր Լեւոն Արոնեանը մխիթարելու ուղղեալ պատգամներ հրապարակեցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան ճատրակի մեծ վարպետին ուղղեալ ցաւակցականին մէջ յայտնեցին հետեւեալը.

«Սիրելի Լեւոն, անասելի ցաւ կ՚ապրինք։ Կնոջդ՝ Արիանա Քաոլիի կորուստը անչափելի է։ Լաւ ճանչնալով թէ՛ քեզ եւ թէ Արիանան՝ գիտենք, որ երկուքդ ալ յանձնուող տեսակ չէք։ Եւ Արիանան մինչեւ վերջին պահը կը պայքարէր… Ես եւ Նունէն վստահաբար, նաեւ մեր ժողովուրդը, քու կողքին ենք՝ մխիթարանքի ու վշտակցութեան անկեղծ խօսքերով։ Ննջէ՛ խաղաղութեամբ սիրելի Արիանա։ Ամուր եղի՛ր, սիրելի Լեւոն»։

Միւս կողմէ, Լեւոն Արոնեանին ցաւակցեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020