ՍԽԱԼ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ…

Կարծիքներ՝ քորոնաժահրի մասին, որոնց պէտք չէ հաւատալ։

1- Սխտորը կը պաշտպանէ քորոնաժահրի վարակումէն։

Սխալ. Սխտորը շատ օգտակար է մեր առողջութեան համար։ Ան կը համարուի բնական հակամանրէական, հակաժահրային եւ հակասնկային միջոց։ Բայց չկայ հաստատուած դէպք մը, որ սխտոր օգտագործելը ձեզ կը փրկէ նոր քորոնաժահրէն:

2- Նոր քորոնաժահրով կը վարակուին միայն տարեցները։

Սխալ. Նոր քորոնաժահրով կրնան վարակուիլ բոլոր տարիքային խումբերու ներկայացուցիչները, սակայն տարեց մարդոց՝ տարիքը, ազմայի, շաքարախտի, սրտի հետ կապուած հիւանդութիւններու առկայութիւնը կրնայ տանիլ ժահրի բարդացման:

3- Անթիպիոթիքները արդիւնաւէտ միջոց են ժահրը բուժելու համար։

Սխալ. անթիպիոթիքները այս ժահրի դէմ անօգուտ են:

4- Նոր քորոնաժահրը կը փոխանցուի մժեղներու խայթոցի միջոցով։

Սխալ. այս ժահրը կը փոխանցուի օդակաթիլային ճամբով։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020