ՏՈՒՐՄՈՎ «ՔՈՐՈՆԱ»ՆԵՐ

Ֆրանսացի հրուշակագործ Ժան-Ֆրանսուա Փրէ պատրաստեց կարմիր նուշով զարդարուած տուրմէ գունդ մը։ Այս գունդի պատրաստութեան ժամանակ օգտագործուեցաւ քորոնաժահրի պատկերէն։ 

Անցեալ շաբթուան ընթացքին ան վաճառեց տասնեակ քաղցր «քորոնաժահրեր»՝ Ֆրանսայի արեւմտեան Ֆինիսթեր շրջանի բնակիչներուն։

«Տուրմի միջոցով մարդիկ կը ստիպուին ժպտալ այս դժուարին ժամանակներուն», ըսաւ հրուշակագործ Ժան-Ֆրանսուա Փրէ։

Յաճախորդներն ալ կ՚ըսեն, որ տուրմէ «քորոնաժահրը» լաւագոյն դեղթափն է՝ նոր վարակի յառաջացման խուճապային վախու դէմ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 1, 2020