ՔՈՄԱՆՏՈՍԻ ՀՐԱԺԵՇՏԸ

Հայաշխարհը կը սգայ մեծանուն զինուորականի մը կորուստը. ոչ եւս է «Արցախի հերոս» զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ ծանօթ էր՝ Քոմանտոս ծածկանունով։ Արցախի առաջին պատերազմի առանցքային դէմքերէն, առասպելական հրամանատարներէն մին եղած էր Արքատի Տէր-Թադէոսեան, որ երէկ 81 տարեկան հասակին մահացաւ Երեւանի մէջ, ուր վերջին շրջանին կը դարմանուէր Էրեբունի բժշկական կեդրոնին մէջ։

Արքատի Տէր-Թադէոսեան 1939 թուականին ծնած էր Թիֆլիզի մէջ։ Աւարտած էր Պաքուի զինուորական ուսումնարանը, այնուհետեւ՝ Լենինկրատի Փոխադրութեան եւ թիկունքի ռազմական ակադեմիան։ 1988 թուականին միացած էր Արցախի պայքարին եւ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած՝ կամաւորներու զինուորական մարզման ուղղութեամբ։ 1990 թուականին անդամակցած էր «Սասունցի Դաւիթ» կամաւորներու ջոկատին։ Տարի մը վերջ նշանակուած էր Հայաստանի Պաշտպանութեան կոմիտէի արտազինուորական պատրաստութեան բաժնի պետ։ 30 հոկտեմբեր 1991 թուականին Արցախի՝ այդ ժամանակուայ նորաստեղծ ինքնապաշտպանական ուժերը Արքատի Տէր-Թադէոսեանի հրամանատարութեամբ իրականացուցած էին գործողութիւն մը, որով հայկական կողմի վերահսկողութեան տակ անցած էր Հադրութի շրջանի Տող գիւղը, որ կը ներկայացնէր ռազմավարական մեծ կարեւորութիւն։ 1992 թուականի մայիսին աշխոյժ մասնակցութիւն եւ դերակատարութիւն ունեցած էր նախապատրաստական աշխատանքներուն այն ռազմական գործողութիւններուն, որոնց արդիւնքով Շուշի քաղաքը հայկական վերահսկողութեան տակ անցած էր։

Քոմանտոսի մահը վրայ հասած է ժամկէտի տեսակէտէ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ, երբ Արցախի վերջին պատերազմին զուգահեռ հայկական կողմը կորսնցուցած է թէ՛ Հադրութը եւ թէ Շուշին։

Զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեանի մահուան կապակցութեամբ ցաւակցականներ հրապարակուած են Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Հայաստանի պետական աւագանիէն այլ յառաջատար դէմքերու, ինչպէս նաեւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 1, 2021