«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 70-ԱՄԵԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԵԼՈՅԹԻՆ

Է­սաեան սա­նուց միու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան 70-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ա­ռի­թով «Մա­րալ» հա­մոյ­թը կը պատ­րաս­տուի հան­դէս գալ մաս­նա­ւոր ե­լոյ­թով մը։ Այս շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած է սոյն մեծ ձեռ­նար­կը, ո­րուն ըն­դա­ռաջ «Մա­րալ» կ՚ի­րա­կա­նաց­նէ վեր­ջին փոր­ձե­րը։ Ե­լոյ­թի ճիշդ նա­խօ­րեա­կին հա­մոյ­թը ամ­բող­ջա­կան կազ­մով յա­ռաջ կը տա­նի վեր­ջին պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը եւ գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Կար­պիս Չափ­քա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ կը կա­տա­րուին եզ­րա­փա­կիչ կա­տա­րե­լա­գոր­ծում­նե­րը։

«Մա­րալ»ի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին հա­մախմ­բուե­ցաւ Է­սաեան սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ՝ վեր­ջին փոր­ձե­րուն ձեռ­նար­կե­լու հա­մար։ Թէ՛ պա­րա­խում­բի եւ թէ նուա­գա­խում­բի ան­դամ­նե­րը այս փու­լին ար­դէն հա­մա­տեղ աշ­խա­տե­ցան՝ մեծ ե­ռան­դով ու ո­գե­ւո­րու­թեամբ։

Ե­րէ­կուան ընդ­հա­նուր փոր­ձին ըն­թաց­քին Կար­պիս Չափ­քան ու­նե­ցաւ հա­կիրճ ե­լոյթ մը։ Ան ող­ջու­նեց Հա­յաս­տա­նէն ե­կած՝ տաս­ներ­կու հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ նուա­գա­խում­բը՝ Հայկ Գրի­գո­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։ Չափ­քան ու­րա­խու­թիւն յայտ­նեց, որ «Մա­րալ» այս ան­գամ եւս հան­դէս կու գայ սոյն խում­բին հետ, ո­րու կազ­մին մէջ ընդգր­կուած են ար­ժէ­քա­ւոր ա­րուես­տա­գէտ­ներ։ Ա­ւե­լի վերջ Կար­պիս Չափ­քան ընդգ­ծեց, որ ի­րենց յայ­տագ­րին ա­ռանց­քը պի­տի կազ­մէ ե­րաժշ­տու­թիւն՝ չորս մե­ծա­նուն յօ­րի­նող­նե­րու՝ Կո­մի­տաս, Ա­րամ Խա­չատ­րեան, Սա­յաթ Նո­վա եւ Խա­չա­տուր Ա­ւե­տի­սեան։ Չափ­քան դի­տել տուաւ, թէ Այդ­պի­սի մեծ ար­ժէք­նե­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րէն ներշն­չուի­լը նաեւ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը նշա­նա­կէ։ Գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վա­րը կրկնեց յա­ռա­ջի­կայ ե­լոյ­թին կար­գա­խօ­սը. «Ա­նոնց եր­գե­րը պար էին, պա­րե­րը երգ» եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն։

Ընդհանուր փորձին համոյթի անդամներուն առընթեր ներկայ էին նաեւ Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ մեր ծանօթ ազգայիններէն Սելմա Իսքէնտէրէօզի գլխաւորութեամբ գործող՝ կարգադիր յանձնախումբի անդամները։

Գե­ղա­րուես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը ար­դէն մի­ջո­ցէ մը ի վեր ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէ «Մա­րալ»ի մօ­տա­լուտ ե­լոյ­թին։

Հարկ է նշել, որ ձեռ­նար­կը նա­խա­տե­սուած է Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2017