ՏԱՉԻՉ ՎԱՂԸ ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ԺԱՄԱՆԷ
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվիցա Տաչիչ այս օրերուն ուղեւորութիւն մը կ՚իրականացնէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այս շրջագծով ան վաղը պիտի այցելէ Երեւան։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իվիցա Տաչիչ երէկ այցելեց Ատրպէյճան, իսկ այսօր կ՚այցելէ Վրաստան։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեանի բացատրութիւններով՝ Տաչիչ վաղը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալուի Հայաստանի պետական աւագանիին կողմէ։
Հարկ է նշել, որ Սերպիա տարեսկիզբէն ի վեր ստանձնած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Պաքուի եւ Երեւանի շփումներուն ընթացքին ան օրակարգի վրայ կը բերէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին վերաբերեալ հարցեր՝ նկատի ունենալով, որ իր գլխաւորած կառոյցը կ՚իրականացնէ միջնորդի առաքելութիւն հայ եւ ազէրի կողմերուն միջեւ։