Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Դէպի Թիֆլիզ պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին ընդգծուեցաւ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Խաչատուրեան եւ Ղարիպաշվիլի անդրադարձան տարածաշրջանէ ներս կայուն ու երկարատեւ խաղաղութեան հնարաւորինս շուտ հաստատման անհրաժեշտութեան։ Անոնք կանգ առին նաեւ զանազան հարցերու վրայ, որոնք կը վերաբերին հայ-վրացական համագործակցութիւնը նոր ուղղութիւններով համալրելու։
Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ալ ունեցան տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի զանազան հարցերուն շուրջ։
Չորեքշաբթի, Յունիս 1, 2022