ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ՍԾՏՀԿ-Ի ԺՈՂՈՎ

Սո­չիի մէջ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՍԾՏՀԿ) ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն ժո­ղո­վը։ Սա իր տե­սա­կին մէջ 34-րդ նիստն է, որ կազ­մա­կեր­պուած է Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի տան­տի­րու­թեամբ։

Ռու­սա­կան կող­մի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ ՍԾՏՀԿ­-ի ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով այ­սօր Սո­չի կ՚այ­ցե­լէ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու։ Իր ներ­կա­յու­թիւ­նը լուրջ ի­մաստ մը ու­նի Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ յա­ռա­ջա­ցած լա­րուա­ծու­թեան յաղ­թա­հար­ման ա­ռու­մով։ Չա­վու­շօղ­լուի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կ՚անդրան­ցէ ՍԾՏՀԿ­-ի աշ­խա­տան­քը։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի մի­ջեւ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ կա­րե­ւոր հե­ռա­խօ­սազ­րոյց մը, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տե­ցին ի­րենց կամ­քը՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Էր­տո­ղա­նի հետ հե­ռա­ձայ­նով զրու­ցե­լէ ան­մի­ջա­պէս վերջ Փու­թին ստո­րագ­րեց հրա­մա­նա­գիր մը, ո­րով կը նա­խա­-տեսուի Թուր­քիոյ դէմ հաս­տա­տուած սահ­մա­նա­փա­կում­նե­րու ջնջնուի­լը։

Այս դրա­կան ար­դիւն­քին զու­գա­հեռ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նի նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րուն Սո­չիի այ­սօ­րուան հա­մախմ­բու­մը։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ Չա­վու­շօղ­լու եւ Լաւ­րով ու­նե­նան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, ինչ որ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման տե­սա­կէ­տէ գործ­նա­կան քայ­լե­րու հա­մար գե­տին կրնայ պատ­րաս­տել։ Էր­տո­ղան եւ Փու­թին եւս վեր­ջին հե­ռա­խօ­սազ­րոյ­ցին ըն­թաց­քին հա­մա­ձայ­նած են ա­ռա­ջին պա­տեհ ա­ռի­թով տե­սակ­ցե­լու ուղ­ղու­թեամբ։

Միւս կող­մէ, ՍԾՏՀԿ­-ի այ­սօ­րուան ժո­ղո­վին Սո­չիի մէջ մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած պա­տուի­րա­կու­թիւն:

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016