ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին Քիոթոյի մէջ կատարեց նաեւ՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէսին բացումը։ «Թոֆուքուժի» մեհեանին մէջ բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը, որու ընթացքին կը ներկայացուին շուրջ վեց տասնեակ լուսանկարներ։

Նախագահ Էրտողան ցուցահանդէսի բացման ժամանակ ընդգծեց, որ Արա Կիւլէրի լուսանկարները Թուրքիոյ տեսողական յիշողութիւնը կը կազմեն։ Մեծ վարպետի աւելի քան կէսդարեայ գործունէութեան ընթացքին նկարահանած դրուագները Իսթանպուլի վերաբերեալ անկրկնելի տպաւորութիւններ կը ցոլացնեն։

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ճաբոնի Աքիքօ իշխանուհին։ Նախագահին հետ էր կողակիցը՝ Էմինէ Էրտողան։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019