Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲՂ. ՊԵՍՔԻՍԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երիտասարդ ու նուիրեալ անդամներէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան վերջերս աւարտած է համալսարանը։ Ան մեր վեղարաւորներու շարքին ուշադրութիւն կը գրաւէ իր աշխուժութեամբ եւ յանձնառութիւններով։ Հայր սուրբը 2018-2019 կրթական շրջանի աւարտին վկայուած է Իսթանպուլի «Այտըն» համալսարանի Միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքագիտութեան բաժնէն։ Չորս տարուայ բարձրագոյն ուսման տեւողութեան ան վայելած է մեր յառաջատար բարերարներէն Պետրոս Շիրինօղլուի, Տիգրան Կիւլմէզկիլի, Արէտ Երկանեանի եւ Հայկ Ասլանեանի հովանաւորութիւնը։

Համալսարանի վկայականը ստանալէ վերջ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան Գումգաբուի մէջ ստացած է նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը նորին սրբազնութեան քրոջը թոռն է։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը, որուն կը մաղթենք ապագայ յաջողութիւններ՝ վստահ ըլլալով, որ ան մտաւոր իր պատրաստութեամբ երկար տարիներ իր ծառայութիւնը եւ ներդրումը պիտի բերէ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին։ Նոյն առթիւ կը շնորհաւորենք նաեւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը եւ հայր սուրբին ընտանիքը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2019