«ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿԸ ՎԻՃԱԿԻ ԱՅԱ ՍՈՖԻԱՅԻ ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ ՇԵՇՏԱԴՐԵԼՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ»
Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ Այա Սոֆիան պաշտամունքի վերաբանալու մասին ստեղծուած բանավէճին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ լրջօրէն կը քննարկուի Այա Սոֆիան որպէս մզկիթ պաշտամունքի վերաբանալու խնդիրը։ Այս իրավիճակին մէջ երկար ատենէ ի վեր լռութիւն կը պահէր յունաց պատրիարքը, որու տեսակէտին կը սպասուէր հետաքրքրութեամբ։ Մինչ այդ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան կողմ արտայայտուած էր Այա Սոֆիայի պաշտամունքի վերաբացման՝ քրիստոնեաներու համար ալ փոքր բաժինի մը յատկացման ակնկալութեամբ։
Երէկ, Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք նախագահեց Ֆէրիգիւղի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Այս առթիւ ան գրաւոր յայտարարութիւն մը ընթերցեց՝ նախ յունարէնով յետոյ ալ անգլերէնով։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Այա Սոֆիան քաշքշուկներու առարկայ պէտք չէ դարձուի։ Արդարեւ, անոր մզկիթի վերածուիլը աշխարհի վրայ միլիոնաւոր քրիստոնեաներ դէմ յանդիման պիտի բերէ իսլամի հետ՝ մինչդեռ ակնկալուածը միասնականութիւնն է։
Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարք դիտել տուաւ, որ Այա Սոֆիան համայն մարդկութեան կը պատկանի եւ թուրք ժողովուրդին կը վիճակի այդ յուշարձանի համամարդկայնութիւնը շեշտադրելու պատասխանատուութիւնը։ Այա Սոֆիան՝ որպէս թանգարան, ժողովուրդներու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան ու խաղաղ համակեցութեան, նաեւ քրիստոնէութեան եւ իսլամի միջեւ փոխադարձ հանդուրժողութեան եւ զօրակցութեան խորհրդանշան մըն է։
Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ 2016 թուականին այդ շրջանի Թուրքիոյ կրօնից տեսուչ Մեհմէտ Կէօրմէզին ուղարկած նամակին մէջ բացատրած էր այս խնդրին վերաբերեալ իր մտահոգութիւնները։