ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊԻՏԻ ՉՎԱՒԵՐԱՑՆԷ ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՕՐԷՆՔԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հրապարակեց կարեւոր որոշում մը, որ երկրի ներքին քաղաքական այժմու հրատապ օրակարգին տեսակէտէ առանցքային նշանակութիւն ունի։ Այսպէս, Արմէն Սարգսեան որոշած է հաւանութիւն չտալ «Սահմանադրական ատեանի մասին» Սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքին, յարակից օրէնքով։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Սարգսեան երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանին յայտնեց, որ իր կողմէ պիտի չստորագրուին այդ օրէնքները։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի մէջ ամիսներէ ի վեր գործադիր իշխանութեան եւ Սահմանադրական ատեանի միջեւ կ՚ապրուի մեծ լարուածութիւն։ Իշխանութիւնները թիրախաւորած են երկրի Բարձրագոյն դատարանը եւ որոշած էին հանրաքուէ մը իրականացնել սահմանադրութեամբ անոր պարագային նախատեսուած օրէնսդրութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու ուղղութեամբ։ Աւելի վերջ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով այդ հանրաքուէն ջնջուած էր եւ խորհրդարանէն ներս կատարուած էր օրէնսդրական փոփոխութիւն մը՝ բացառապէս իշխանական ճամբարի երեսփոխաններու մասնակցութեամբ։

Հայաստանի Սահմանադրական ատեանի պարագային նախատեսուած փոփոխութիւնները մեծ աղմուկ ստեղծած են ո՛չ միայն քաղաքական հարթութեան վրայ, այլ նաեւ՝ մասնագիտական շրջանակներէ ներս։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 1, 2020