ԶԵՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԶՄՄԱՌԻ ՄԷՋ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՍՈՒՐԲ ՍԻՆՈԴԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի դռնփակ նստաշրջանը կը շարունակուի Զմմառի վանքէն ներս, Լիբանան, նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան օրակարգով։ Այս շաբաթավերջին արդէն կը նշուի երջանկայիշատակ Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքի վախճանման քառասունքը՝ մինչ իր յաջորդի ընտրութեան ուղղեալ ժողովները արդէն ընթացքի մէջ են Զմմառի մէջ։

Ս. Սինոդի ժողովներուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ որոշ յապաղումով մը հասած է Լիբանան։ Ըստ Զմմառի շրջանակներէն հասած անպաշտօն լսումներուն, կաթողիկոս-պատրիարք ընտրուելու երկու հիմնական թեկնածուները կը համարուին Տ. Ռաֆայէլ Մինասեան Գերապայծառը (Հայաստանի առաջնորդ) եւ Տ. Պետրոս Միրիաթեան Գերապայծառը (Բերիոյ թեմի առաջնորդ, Հալէպ), անշուշտ, եթէ անակնկալ մը չպատահի։ Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ ալ չեն բացառեր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանի ընտրութիւնը։

*

Երէկուան մեր լրատուութեան մէջ հաղորդած էինք, որ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան կը բացակայի Ս. Սինոդի ժողովներէն։ Այս կապակցութեամբ ճշդումի մը անհրաժեշտութիւնը յառաջացած է, որովհետեւ դռնփակ ժողովէն հասած տեղեկութիւններուն շուրջ թիւրիմացութիւններ խնդրոյ առարկայ դարձած են։ Արդարեւ, Զեքիեան Գերապայծառ յապաղումով մեկնած է Զմմառ, չէ կրցած հասնիլ բացման նիստին, ինչ որ պատճառ դարձած է իր բացակայութեան վերաբերեալ լուրերուն։ Մինչդեռ Պոլսոյ Արքեպիսկոպոսարանի աղբիւրները երէկ մեզի յայտնեցին, որ Զեքիեան Գերապայծառ մեկնած է Զմմառ ու կը մասնակցի Ս. Սինոդի նստաշրջանին։ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հարաւային Ամերիկայի երկու եպիսկոպոսներն են, որոնք կը բացակային։

Հինգշաբթի, Յուլիս 1, 2021