ՄԱՀ՝ ՃՈՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ սփիւռքահայ գիտնական տքթ. Ճոն Մարգարեան մահկանացուն կնքած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ, Ուեստ Փիթսթըն։ Ան Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի առաջին նախագահն էր։ Վեր. տքթ. Ճոն Մարգարեան ծնած էր  1917-ին։ Ան Հայկազեան համալսարանի նախագահի պաշտօնը վարած էր 1955-1966 եւ 1971-1982 շրջանններուն՝ կարեւոր դեր կատարելով անոր կայացման ու վերելքին մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 1, 2021