ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 6-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ԿԸ ՍԿՍԻՆ
Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսին Համահայկական վեցերորդ խաղերը։ Սա արդէն աւանդական դարձած մրցաշարք մըն է, որ ամէն անգամ կը համախմբէ աշխարհի չորս ծագերէն հայ երիտասարդներ, որոնք եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ կը մրցին իրարու հետ։ Այս տարուան Համահայկական խաղերը մաս կը կազմեն 2015-ի ոգեկոչումներու շրջագծին։
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, մրցա-նըշային քանակութեամբ մարզիկներ պիտի մասնակցին այս տարուան Համահայկական խաղերուն. անոնց թիւը կը հասնի 6215-ի։ 36 երկիրներու 165 քաղաքներէն մասնակցութիւն կը բերուի այս մրցաշարքին։ Մարզաձեւերու քանակութիւնն ալ այս անգամ բաւականին բարձր է անցեալ մրցաշարքերուն բաղդատմամբ։
Վաղը սկսելիք խաղերը պիտի շարունակուին մինչեւ Օգոստոսի 13-ը, երբ մրցաշարքը պիտի եզրափակուի հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։
Ինչպէս նախորդ բոլոր խաղերուն, այս անգամ եւս Իսթանպուլէն ալ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը մասնակցութիւն կը բերէ Համահայկական վեցերորդ խաղերուն։ Մինչ զանազան երկիրներու պատուիրակութիւնները աստիճանաբար կը հասնին Երեւան, Իսթանպուլի խումբն ալ այսօր կը ձեռնարկէ իր ուղեւորութեան։ Համահայկական վեցերորդ խաղերը թրքահայ համայնքին տեսակէտէ ունի առանձնայատկութիւն մը, որ դժբախտաբար այդքան ալ դրական երեւոյթի մը մասին չէ։ Արդարեւ, մեր համայնքին կողմէ մէկէ աւելի խումբեր այս անգամ կը մասնակցին խաղերուն։ Այսինքն, թրքահայութիւնը պառակտուած տեսքով մը հանդէս կու գայ այս մրցաշարքին ժամանակ։