ՀԱՍԱՆՈՎ ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Կը հաղորդուի, որ ազէրի նախարարը կը մասնակցի Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած «Բանակային միջազգային խաղեր-2015»ի բացման արարողութեան, որ նախատեսուած է այսօր։ Մինչեւ Օգոստոսի 5-ը պիտի շարունակուին այդ խաղերը, որոնց մասնակցութիւն կը բերեն աշխարհի 17 երկիրներէն 57 խումբեր։
Դէպի Մոսկուա իր այցելութեան շրջագծով Զաքիր Հասանով կը տեսակցի նաեւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէրկէյ Շոյկուի հետ։
Կը նախատեսուի, որ Սէրկէյ Շոյկու եւ Զաքիր Հասանով Մոսկուայի բանակցութիւններուն ընթացքին կը քննարկեն Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս համագործակցութեան ընթացքը, հեռանկարները, նաեւ կը շօշափեն տարածքաշրջանային իրադրութեան վերաբերեալ հարցեր։