ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԹԻՖԼԻԶ ԱՅՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Թիֆ­լիզ՝ Վրաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մի­խէ­յիլ Ճա­նե­լի­ծէի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան հան­դի­պում­ներ կ՚ու­նե­նայ Վրաս­տա­նի բարձ­րա­գոյն ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։

Ծա­նօթ է, որ Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան օ­րա­կար­գը բազ­մա­կող­մա­նի է։ Վեր­ջին շրջա­նին Ռու­սաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի մի­ջեւ գտնուող Վե­րին Լար­սի ան­ցա­կէ­տը կ՚օգ­տա­գոր­ծուի սահ­մա­նա­փակ ձե­ւով, ինչ որ լուրջ խնդիր­ներ կը յա­ռա­ջաց­նէ։ Հա­ւա­նա­կան է, որ այս նիւ­թը օ­րա­կար­գի վրայ գայ Նալ­պան­տեա­նի Թիֆ­լի­զի շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին։

Բաց աս­տի, վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւա­ռին վե­րա­բե­րեալ կա­րե­ւոր նո­րու­թեան մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ մտած են շրջա­նա­ռու­թեան մէջ։ Այս­պէս, Ի­րա­նէն դէ­պի Հա­յաս­տան ա­ռա­քուող բնա­կան կա­զի ծա­ւա­լը պի­տի ե­ռա­պատ­կուի ու կը ծրագ­րուի այդ կա­զը Հա­յաս­տա­նի մի­ջո­ցաւ ու­ղար­կել նաեւ Վրաս­տան։ Այս նա­խա­գի­ծը տա­րած­քաշր­ջա­նին տե­սա­կէ­տէ կրնայ ու­նե­նալ կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Բայց եւ այն­պէս, վրա­ցա­կան կող­մը վեր­ջին օ­րե­րուն հան­դէս ե­կաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնք տե­ղի տուին տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու։ Այս­պէս, Թիֆ­լի­զէն կա­տա­րուե­ցան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց Վրաս­տան բա­ւա­րար քա­նա­կու­թեամբ բնա­կան կազ կը ստա­նայ Ատր­պէյ­ճա­նէն եւ նոր այ­լընտ­րանք­նե­րու ո­րոն­ման մէջ չէ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 1, 2016