ՆՈՐ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾՔ
Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն վերջ, Թուրքիոյ մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն ներքեւ, ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի՝ ՖԵԹԷՕ-ի դէմ պետական օղակներէն ներս կատարուած գործողութիւնները կը շարունակուին ամբողջ թափով։ Լայնածաւալ հետաքննութեան շրջագծով շաբաթավերջին ձերբակալուեցան այն վերջին զինուորները, որոնք Յուլիսի 15-ի գիշերը Մարմարիսի մէջ յարձակում գործած էին Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի զբօսնած պանդոկին վրայ։ Տանվեց զինուորէ բաղկացեալ այդ խումբը ձերբակալուեցաւ Մուղլայի Ուլա գաւառակին մէջ։
Դիւանակալական հարթութեան վրայ ալ ՖԵԹԷՕ-ի դէմ գործողութիւնները կը շարունակուին։ Այս շրջագծով շաբաթավերջին հսկողութեան տակ առնուեցան երեսուներեք անձեր, որոնց շարքին կը գտնուին կեդրոնի կուսակալներ։ Զինեալ ուժերու շարքերէն ալ զտումները կը շարունակուին, մինչ շաբաթավերջին որոշուեցաւ նաեւ երկրէն ներս փակել զինուորական բոլոր վարժարանները։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան յայտարարեց, թէ անոնց փոխարէն պիտի հիմնուին Ազգային պաշտպանութեան համալսարան եւ Ոստիկան զօրաց ակադեմիա։ Բաց աստի, կառավարութեան կողմէ հրապարակուած օրէնքի համազօր հրամանագրով մը փոփոխութեան ենթարկուեցաւ նաեւ Բարձրագոյն զինուորական խորհուրդի կազմը։ Այսպէս յառաջիկայ շրջանին խորհուրդին պիտի անդամակցին նաեւ փոխ-վարչապետները, արդարադատութեան, արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարները։
Երէկ, Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան մանրամասնութիւններ փոխանցեց վերջին գործողութիւններու արդիւնքին շուրջ։ Ըստ իրեն, ցարդ աւելի քան տասը հազար հոգի ձերբակալուած է պետական հարուծի ձախող փորձին հետեւանքով։ Շուրջ տասնեօթ հազար հոգի ալ առնուած է հսկողութեան տակ։ Միեւնոյն ժամանակ Էրտողան տեղեկացուց, որ կը ծրագրեն Յուլիսի 15-էն վերջ սկսած ժողովրդավարութեան հերթապահութիւնը այս Կիրակի՝ Օգոստոսի 7-ին գագաթնակէտին հասցնել Իսթանպուլի մէջ, Ենիգաբուի հրապարակին վրայ։ Կը նախատեսուի քաղաքական ուժերու եւ հասարակական կառոյցներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ մեծ համախմբում մը։
Ներքին քաղաքական արտասովոր իրադարձութիւններու մթնոլորտին մէջ մասնաւորապէս Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած կուսակցութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնն ալ թափ առած է զգալիօրէն։ Այսօր, ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարը՝ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ կը տեսակցի ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի հետ։ Հանդիպումը տեղի կ՚ունենայ ՃՀՓ-ի կեդրոնին մէջ։
ՔԷՕԼՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ
Միւս կողմէ, երէկ Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ եւրոպաբնակ թուրքերը բողոքի ցոյց մը կատարեցին Յուլիս 15-ի պետական հարուածի փորձին դէմ եւ ի նպաստ ժողովրդավարութեան։ Այս հանրահաւաքի մասնակիցներուն Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան պիտի փոխանցէր իր պատգամը հեռարձակման միջոցաւ։ Բայց եւ այնպէս, Գերմանիոյ պատկան իշխանութիւնները թոյլ չտուին այդ կարգադրութեան։ Անգարա պաշտօնա-պէս բողոք յայտնեց այդ խոչընդոտին դէմ։