ԱՆԳԱՐԱ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՀԵՏ ԿԱՆՈՆԱՒՈՐ ՇՓՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԷ «ԵՓՐԱՏԻ ՎԱՀԱՆ» ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՐՋ
Սուրիոյ ճգնաժամը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը եւ այս իրավիճակին մէջ Թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութիւնը ա՛լ աւելի նոր հարթութեան մը վրայ դրած է ամէն ինչ։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս շաբաթավերջին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովին շրջագծով հանդիպումներ պիտի ունենայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրները արդէն հաստատած են, որ օրակարգի վրայ պիտի ըլլան Սուրիոյ վերաբերեալ խնդիրները։
Մինչ այդ, Թուրքիա Ռուսաստանի հետ կանոնաւոր շփում կը պահէ «Եփրատի վահան» գործողութեան շուրջ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ այս նիւթին շուրջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի հետ։ Իսկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա Անգարային կոչ ուղղեց՝ որպէսզի Սուրիոյ ռազմական գործողութիւնները համաձայնեցնէ Դամասկոսի հետ։ Ուաշինկթընէն ալ յառաջ քշուեցաւ այլ տուեալ մը։ Փենթակոնի բանբերը՝ Փիթըր Քուք յայտարարեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը արդէն յարգած են Եփրատի արեւելքը քաշուելու իրենց խոստումը։ Ռուսաստան եւ Իրան երէկ համատեղ կոչ մըն ալ հասցէագրեցին Թուրքիոյ։ Անոնք Անգարային կոչ ուղղեցին, որպէսզի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարող խմբակները թիրախ չդարձուին։
Այս բոլորին զուգահեռ Անգարայի ղեկավարութիւնը վճռական ձեւով յառաջ կը տանի «Եփրատի վահան» գործողութիւնը։ Շաբաթավերջին Էրտողանին ունենալիք շփումները ապահովաբար կարեւոր նշանակութիւն պիտի ունենան յառաջիկայ իրադարձութիւններուն տեսանկիւնէն։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղոր-դումներով, Թուրքիա անվտանգութեան ու վերահսկողութեան միջոցները կը խստացնէ Սուրիոյ սահմանին վրայ։ «Եփրատի վահան» գործողութեան շրջագծով Սուրիոյ կողմէ պեթոնէ պատ մը կը կառուցուի՝ Թուրքիոյ կողմի անվտանգութեան երաշխիքները ամենաբարձր մակարդակին բարձրացնելու առաջադրութեամբ։