ԱՐԺԵՒՈՐԵԼ ՎԵՐՋԻՆ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ միասնաբար պէտք է լաւ արժեւորել կիպրական հակամարտութեան կարգաւորման ներկայ վերջին հնարաւորութիւնը։
Դէպի Հիւսիսային Կիպրասի Թուրք Հանրապետութիւն կատարած այցելութեան շրջագծով Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Նախագահ Մուսթաֆա Աքընճըի հետ։ Ան ըսաւ, որ կիպրական խնդրի լուծման ուղղեալ բանակցութիւնները խտացած են ու գործընթացը թեւակոխած է նուրբ փուլ մը։ Ըստ իրեն, յունական կողմը պէտք չէ վարուի որպէս կղզիի միակ տէրը՝ ինչպէս որ կ՚ընէ բնական կազի պաշարներու պարագային։
Իր կարգին, Աքընճըն ալ շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին երկու կողմերու անվտանգ ձեւով եւ հաւասարութեան մէջ ապրիլը։