ՀԵՌԱՆԿԱՐԱՅԻՆ ՔԱՅԼԵՐ
Ռուսաստանի կազի պետական ընկերութեան՝ «Կազփրոմ»ի ընդհանուր գործադիր տնօրէն Ալեքսէյ Միլըր երէկ շփումներ ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ուժանիւթի ոլորտի յառաջատար դէմքերուն կողմէ։ Իսթանպուլի մէջ, վարչապետարանի Տոլմապահչէի գրասենեակէն ներս Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաք հանդիպում մը ունեցաւ Ալեքսէյ Միլըրի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան հետ։ Ալպայրաք եւ Միլըր ունեցան շուրջ 45 վայրկեան տեւողութեամբ առանձնազրոյց մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Երկու կողմէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մասնակցեցան քննարկումներուն, ներառեալ ՊՕԹԱՇ-ի ընդհանուր տնօրէն Պուրհան Էօզճան։
Պերաթ Ալպայրաք նշեց, որ Թուրքիա յոյս ունի Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւնը աւելի լաւ հարթութեան մը վրայ դնելու։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ «Կազփրոմ»ի պատուիրակութիւնը երկար ընդհատումէ մը վերջ կ՚այցելէ Իսթանպուլ։ Ըստ նախարարին, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի Նախագահ Փութինի միջեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպման զուգահեռ Անգարա-Մոսկուա յարաբերութիւնները բարձրացած են անցեալէն ա՛լ աւելի լաւ կէտի մը։ Իր խօսքերով, այս ծիրին մէջ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին ուժանիւթի ոլորտէն ներս շատ դրական քայլեր պիտի առնուին։
Կը հաղորդուի, որ Ալեքսէյ Միլըրի շփումներուն ժամանակ առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկած է «Թրքական հոսք» կազամուղ խողովակաշարի կառուցման ծրագիրը։ «Կազփրոմ»ի պատասխանատուներէն մին բանակցութիւններէն վերջ յայտնեց, որ այս նիւթին շուրջ տակաւին զարգացում մը չէ արձանագրուած։ Երէկուան ծաւալուն ժողովին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ տարածքաշրջանէ ներս ուժանիւթի համագործակցութեան վերաբերեալ նիւթերու։ Ուժանիւթի նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երկու կողմերը համաձայնած են արագացնելու համար անհրաժեշտ թոյլտուութիւններու գործընթացները՝ «Թրքական հոսք» ծրագիրը կեանքի կոչելու ճանապարհին։