ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿԱՊԵՐ

Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կէոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լի ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պա­քու, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Ա­լիեւ շեշ­տեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Վրաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կ՚ըն­թա­նան աշ­խոյժ։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն եւ ա­նոնց ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ նպաս­տա­ւոր հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը ծա­ւա­լուի փո­խադ­րու­թեան եւ ու­ժա­նիւ­թի բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Ըստ ի­րեն, Պա­քուի եւ Թիֆ­լի­զի ձեռ­նա­մուխ ե­ղած նա­խագ­ծե­րը կը հա­մա­րուին տա­րած­քաշր­ջա­նի կա­յու­նու­թեան հիմ­քը։

Իր կար­գին, Քվի­րի­քաշ­վի­լին ալ շեշ­տեց, թէ կող­մե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը կրեն ռազ­մա­վա­րա­կան բնոյթ եւ Վրաս­տան ա­նոնց ա­պա­գան կը պաշտ­պա­նէ վառ ձե­ւով։ Քվի­րի­քաշ­վի­լի մատ­նան­շեց, թէ բա­րե­կա­մա­կան, ռազ­մա­վա­րա­կան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին ու կլո­պալ բնոյ­թով ծրագ­րե­րը կը միաց­նեն եր­կու հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րը։

Հարկ է յի­շեց­նել, որ Քվի­րի­քաշ­վի­լիի Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թե­նէն օր մը ա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րով այ­ցե­լած էր Թիֆ­լիզ։ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1, 2016