ՍԻՒԼԷՅՄԱՆ ՍՕՅԼՈՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐ
Կառավարութեան կազմին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անակնկալ փոփոխութիւն մը։ Ներքին գործոց նախարար Էֆքեան Ալա հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած հանդիպումէն վերջ այս նիւթը դարձաւ հանրային կարծիքի սեփականութիւնը։ Պինալի Եըլտըրըմ Պեշթեփէի պալատէն դուրս գալու ժամանակ տեղեկացուց, որ Էֆքեան Ալայի փոխարէն ներքին գործոց նախարար նշանակուած է Սիւլէյման Սօյլու։
Հաշուի առնելով, որ Սիւլէյման Սօյլու աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարարի պաշտօնը կը վարէր՝ կառավարութեան կազմէն ներս անհրաժեշտ դարձաւ նաեւ երկրորդ փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Պուրսայի երեսփոխան Մեհմէտ Միւէզզինօղլուն ալ նշանակուեցաւ աշխատանքի եւ ընկերային ապահովութեան նախարար։
Տեղական մամուլը կը գրէ, որ այս փոփոխութիւնը եղած է Էրտողանի փափաքով։ Գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնը՝ ՃՀՓ-ն ալ Էֆքեան Ալայի հրաժարականը համարեց յապաղած։ Ան երեք տարիէ ի վեր կը վարէր այդ պաշտօնը։