«Երեւան՝ Արեւի Քաղաք»
Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւան քաղաքի «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան այս տարուան կարգախօսն է «Երեւան արեւի քաղաք»: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան ձեռնարկներու աշխատանքային խումբի համակարգող, փոխ-քաղաքապետ Արամ Սուքիասեան:
Ըստ Սուքիասեանի՝ մայրաքաղաք Երեւանի տօնը այս տարի պիտի նշուի Հոկտեմբերի 8-ին: «Ապրիլեան պատերազմի հետ կապուած՝ այս տարի տօնակատարութիւնները նախորդ տարիներու համեմատ աւելի զուսպ պիտի ըլլան: Տեղի պիտի չունենայ Հանրապետութեան հրապարակի համերգը, Երեւանի քաղաքապետարանէն սկիզբ առնող շքերթը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի դիմաց տեղի ունեցող միջոցառումը», շեշտած է Սուքիասեան:
Երեւանի տօնը, սակայն, պիտի նշանաւորուի երեսունչորս անուն բազմաժանր ձեռնարկներով: «Այս տարի առաւել աշխոյդ պիտի ըլլայ խաչքարերու պուրակը: Այն կը դառնայ հայկական ազգագրական հարթակ», ըսած է Արամ Սուքիասեան։
«Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան համար նախատեսուած 130 միլիոն դրամէն կը ծախսուի 65 միլիոն դրամ: