Աշխարհի Մեծագոյն ՀեռադիտակԸ

Չի­նաս­տա­նի մէջ սկսաւ գոր­ծել աշ­խար­հի մե­ծա­գոյն հե­ռա­դի­տա­կը, ո­րուն բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան Կոնկ­ճու նա­հան­գին մէջ ներ­կայ էին այլ եր­կիր­նե­րէն  հրա­ւիրուած հա­րիւ­րա­ւոր գիտ­նա­կան­ներ: Հե­ռա­դի­տա­կը ու­նի 500 մեթր տրա­մա­գի­ծով տե­ղաո­րո­շիչ (ռա­տար), որ քա­նի մը ան­գա­մով կը գե­րա­զան­ցէ Փոր­թօ Ռի­քո­յի «Ա­րե­սի­պօ» աստ­ղա­դի­տա­րա­նին մէջ գտնուող հե­ռա­դի­տա­կին չա­փե­րը: «Ա­րե­սի­պօ» աստ­ղա­դի­տա­րա­նը մինչ այդ աշ­խար­հի մե­ծա­գոյ­նը  կը նկա­տուէր: Նոր հե­ռա­դի­տա­կի աշ­խա­տան­քի ա­ռա­ջին իսկ ժա­մե­րուն ստա­ցած են ազ­դան­շան­ներ, ո­րոնք կու գան  Երկ­րէն ա­ւե­լի քան 1300 լու­սա­յին տա­րուան հե­ռա­ւո­րու­թե­նէ:

Չի­նա­կան հե­ռա­դի­տա­կին ստեղծ­ման հա­մար աշ­խա­տանք տա­րուած է հինգ տա­րի: Ա­տի­կա կա­ռու­ցե­լու հա­մար 180 մի­լիոն տո­լար ծախ­սուած է: Հե­ռա­դի­տա­կը հիմ­նա­կան  գի­տու­թիւն­նե­րու եւ տիե­զեր­քի հե­տա­զօտ­ման մար­զին մէջ Չի­նաս­տա­նի ի­րա­կա­նա­ցու­ցած մեծ եւ կա­րե­ւոր նա­խա­գի­ծե­րէն մէկն է: Չի­նաս­տա­նի հա­րա­ւը կը գտնուի աստ­ղա­դի­տա­րա­նը, ո­րուն կա­ռուց­ման հա­մար իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը գրե­թէ ութ հա­զար գիւ­ղա­ցի­ներ տե­ղա­հա­նած են:

Չին աստ­ղա­գէտ­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ հզօր գոր­ծիք յայտ­նուած է անջր­պե­տի հե­ռա­ւոր շրջան­նե­րուն հե­տե­ւե­լու, թե­րեւս նաեւ` այլ­մո­լո­րա­կա­յին բա­նա­կա­նու­թիւն փնտռե­լու հա­մար:

«Նոր հե­ռա­դի­տա­կին վերջ­նա­կան նպա­տակն է բա­ցա­յայ­տել այն օ­րէնք­նե­րը, ո­րոնց­մով կը զար­գա­նայ տիե­զեր­քը: Տե­սա­կա­նօ­րէն ե­թէ մենք ազ­դան­շան ստա­նանք այլ մո­լո­րա­կա­յին քա­ղա­քակր­թու­թե­նէ, ա­տի­կա կ՚անց­նի այն ա­լի­քա­յին ազ­դան­շան­նե­րով, ո­րոնք մենք ար­դէն հի­մա կը ստա­նանք աստ­ղե­րէ», յայտ­նեց Չի­նաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու հի­մար­կի աշ­խա­տա­կից Ցզիան Լէի, որ կը ղե­կա­վա­րէ Աստ­ղա­գի­տա­կան դի­տար­կում­նե­րու ազ­գա­յին հիմ­նար­կը:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016