ԼԵՒՈՆ Արոնեան ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ Կը Մասնակցի ՃԱՏՐԱԿԻ Մրցաշարքի

26 Սեպ­տեմ­բեր-5 Հոկ­տեմ­բեր թո­ւա­կան­նե­րու մի­ջեւ Ռուսաստանի մայ­րա­քաղաքը՝ Մոս­կո­ւա­յի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ 1960-1961 թո­ւա­կա­նի աշ­խար­հի ճատ­րա­կի ա­խո­յեան Մի­խա­յիլ Տա­լի (1936-1992) յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած ճատ­րա­կի մի­ջազ­գա­յին մրցա­շար­քը։ Սոյն մրցա­շար­քին կը մաս­նակ­ցի Լե­ւոն Ա­րո­նեան:

Հո­լան­տա­ցի Ա­նիշ Կի­րի, ատր­պէյ­ճան­ցի Շահ­րի­յար Մա­մէ­տեա­րով, չի­նա­ցի Լի Չաոն, իս­րա­յէ­լա­ցի Պո­րիս Կել­ֆանտ, հնդիկ Վիշ­­վա­նա­թան Ա­նանտ, ռու­սեր Վլա­տի­միր Քրամ­նիք, Փիոթր Սվիտ­լէր, Եւ­կե­նի Տո­մա­շեւս­քի, Եան Նե­փոմ­նեաշ­չին եւս կը մաս­նակ­ցին ճատրակի մրցա­շար­քին:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016