Հայաստանի ԱԶԳԱՅԻՆ հաւաքականիՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐԸ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, 2018 թուականի աշխարհի ախոյենութեան զտումի հանգրուանին 8 Հոկտեմբերին պիտի երթայ Ռումանիա, ուր պիտի մրցի այդ երկրի ազգային հաւաքականին դէմ, իսկ 11 Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանը: Պատրաստուելով այդ ճակատումներուն՝ Հայաստանի ազգային հաւաքականը 3-9 Հոկտեմբերին մարզական հաւաք պիտի կատարէ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան արդէն հրապարակած էր արտերկրի մէջ գտնուող ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք ստացած են նախապատրաստական հաւաքին մասնակցելու հրաւէր: Վարուժան Սուքիասեան հրապարակած է նաեւ Հայաստանի ախոյենութեան մասնակցող խաղացողներուն անունները:
Բերդապահներ. Ա. Բեգլարեան, Ա. Այվազով, Գ. Մանուկեան:
Յետսապահներ. Գ. Անտոնեան, Վ. Հարոյեան, Տ. Ոսկանեան:
Լ. Հայրապետեան, Հ. Մկոյեան, Գ. Յովհաննիսեան, Կ. Յովհաննիսեան, Ա. Քարտաշեան:
Միջնապահներ. Հ. Մխիթարեան, Մ. Պիզելի, Ա. Օզպիլիս, Գ. Մալաքեան, Դ. Մանոյեան:
Ա. Եդիգարեան, Ա. Գրիգորեան, Կ. Մուրատեան, Զ. Բատոյեան, Դաւիթ Յակոբեան:
Յառաջապահներ. Գ. Կատիմեան, Վ. Պօղոսեան: