ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ ԱՐԱԲԻՈՅ ԳԱՀԱԺԱՌԱՆԳԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգը՝ առաջին փոխ-վարչապետ ու ներքին գործոց նախարար Մուհամմէտ Պին Նաիֆ Պին Ապտիւլազիզ Էլ Սուուտը։ Պեշթեփէի պալատին մէջ Էրտողան պաշտօնական արարողութիւնով դիմաւորեց բարձրաստիճան հիւրը, որուն ի պատիւ սարքեց նաեւ կէսօրուան ճաշ մը։ Էրտողան հիւր գահաժառանգին շնորհեց Հանրապետութեան շքանշան։
Կը հաղորդուի, որ բանակցութիւններու ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքն ու տարածքաշրջանային իրադարձութիւնները։ Այս ամբողջին մէջ կողմերը կանգ առին Սուրիոյ եւ Եէմէնի իրադարձութիւններուն վրայ։ Օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը։ Էրտողան Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգին տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ թուրք զինեալ ուժերուն կողմէ ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութեան շուրջ։