Վահէ Թորոսեան Microsoft Ֆրանսայի Մասնաճիւղի Տնօրէն
Վերջերս Ֆրանսայի մէջ նշանակուած է Microsoft-ի նոր ղեկավար: Այժմ ընկերութեան ֆրանսական մասնաճիւղը կը ղեկավարէ հայազգի Վահէ Թորոսեան: Le Point ամսագրին ան հարցազրոյց մը տուած է՝ մասնաւորապէս խօսելով Microsoft-ի գրպանի հեռաձայններու ապագային մասին: Նորանշանակ տնօրէնը հաստատած է, որ ընկերութիւնը քանի մը տարիով հեռացած է գրպանի հեռաձայններու շուկայէն եւ այսուհետեւ հիմնական ուշադրութիւնը պիտի ուղղէ հաւաքական հատուածին։
Microsoft Ֆրանսայի ղեկավարը նշած է, որ մօտակայ տարիներուն չ՚արժեր սպասել Microsoft-ի կողմէ թողարկուելիք նոր գրպանի հեռաձայններուն: Սակայն ասիկա պիտի չանդրադառնայ Windows 10 Mobile-ի վրայ, անիկա պիտի շարունակուի նոյն կերպով մշակուիլ ու թարմացուիլ:
Վահէ Թորոսեան Microsoft-ի մէջ կ՚աշխատի 1992 թուականէն ի վեր, այս ընթացքին վարած է տարբեր պաշտօններ: Կրթութիւնը ստացած է Շիքակոյի համալսարանին մէջ: