Տիկ­նի­կա­յին Թատ­րոն­նե­րու Մի­ջազ­գա­յին Փա­ռա­տօն

Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին տի­կին Ռի­թա Սարգ­սեա­նի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ եւ «ԵՈՒ­ՆԻ­ՄԱ- Հա­յաս­տան»ի (Տիկ­նի­կա­յին ա­րուես­տի գոր­ծիչ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան հայ­կա­կան կեդ­րոն) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի Լո­ռիի, Շի­րա­կի մար­զե­րուն եւ Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­ցաւ «Թու­մա­նեա­նա­կան հե­քիա­թի օր» տիկ­նի­կա­յին թատ­րոն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին 11-րդ փա­ռա­տօ­նը:

«Առ­նօ Բա­բա­ջա­նեան» հա­մեր­գաս­րա­հին մէջ «Թու­մա­նեա­նա­կան հե­քիա­թի օր» տիկ­նի­կա­յին թատ­րոն­նե­րու մի­ջազ­գա­յին 11-րդ փա­ռա­տօ­նին նուի­րուած մամ­լոյ ա­սու­լիս մը սար­քած են Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան աշ­խա­տա­կազ­մի ժա­մա­նա­կա­կից ա­րուես­տի վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ար­մե­նու­հի Ղա­զա­րեան եւ «ԵՈՒ­ՆԻ­ՄԱ-Հա­յաս­տան» տիկ­նի­կա­յին ա­րուես­տի գոր­ծիչ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին միու­թեան նա­խա­գահ Ար­մէն Սա­ֆա­րեան:

Փա­ռա­տօ­նը նուի­րուած է Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 25-ա­մեա­կին: Ա­նոր նպա­տա­կը ե­ղած է նպաս­տել Հա­յաս­տա­նի մար­զե­րու, Ար­ցա­խի եւ Ջա­ւախ­քի մշա­կու­թա­յին կեան­քի աշ­խու­ժաց­ման, ինչ­պէս նաեւ՝ ծա­ռա­յել մա­տաղ սե­րուն­դի գե­ղա­գի­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թեան ու ա­պա­գայ քա­ղա­քա­ցիի կազ­մա­ւոր­ման:

Փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցած են տիկ­նի­կա­յին թատ­րոն­ներ՝ Հա­յաս­տա­նէն եւ Ար­ցա­խի տար­բեր մար­զե­րէն, Վրաս­տա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Ուք­րայ­նա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, Հուն­գա­րիա­յէն եւ այլ եր­կիր­նե­րէ: Ա­ւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, փա­ռա­տօ­նը սկսած է Լո­ռիի Դսեղ գիւ­ղէն, Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ ծաղ­կեպ­սա­կի զե­տեղ­ման ա­րա­րո­ղու­թեամբ:

Դսե­ղի մէջ փա­ռա­տօ­նի մաս­նա­կից­նե­րը դի­տած են Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի «Շունն ու կա­տուն» տիկ­նի­կա­յին ներ­կա­յա­ցու­մը՝ նուի­րուած ա­նոր 130-ա­մեա­կին: Փա­ռա­տօ­նին հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը կա­տա­րուած է Կիւմ­րիի «Թռչու­նեան տուն» ման­կա­տան մէջ: Փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցած են 58 դե­րա­սան­ներ, 7 թա­տե­րա­խում­բեր եւ ներ­կա­յա­ցուած են 22 բե­մադ­րու­թիւն­ներ:

Փա­ռա­տօ­նին ծրա­գի­րը նե­րա­ռած է «Ե­րե­կո­յեան ա­կումբ», ո­րուն ըն­թաց­քին կա­տա­րուած են քննար­կում­ներ, միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում, հան­րա­յայտ տիկ­նի­կա­յին գոր­ծիչ­նե­րու կող­մէ՝ «Տիկ­նիկ­նե­րը յա­նուն խա­ղա­ղու­թեան», «Տիկ­նի­կա­յին ա­րուես­տը եւ փոք­րիկ­նե­րու ա­զատ ժա­ման­ցի կազ­մա­կեր­պու­մը», «Եր­ջա­նիկ ման­կու­թիւն՝ եր­ջա­նիկ ա­պա­գայ» եւ այլ նիւ­թե­րով՝ վար­պե­տու­թեան դա­սեր:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 1, 2016