2019-ԻՆ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային համագումարը՝ ամբողջ աշխարհի այս մարզի ամենէն մեծ իրադարձութիւններէն մէկը, 2019 թուականին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ:
«Այս տարուան Հոկտեմբերի 3-5 թուականներուն Հայաստանի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Պրազիլի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք Տեղեկատուական արհեստագիտութեանց միջազգային համագումարին: Շնորհիւ ի գործ դրուած ջանքերու եւ մեր յաջողութիւններուն՝ 2019 թուականին սոյն համագումարը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ: Ասիկա անշուշտ Հայաստանի համար մեծ յառաջընթաց մըն է», ըսած է մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Էմիլ Տարասեան:
Համագումարը կը կազմակերպուի երկու տարին անգամ մը՝ տարբեր երկիրներու մէջ, ներգրաւելով համաշխարհային տեղեկատուական եւ հաղորդակցութեան արհեստագիտութեանց մարզի աւելի քան երեքհազար ներկայացուցիչներ: Համագումարի կազմակերպիչն է Տեղեկատուական արհեստարագիտութեանց եւ ծառայութիւններու համաշխարհային միութիւնը, որ կը ներառէ այս մարզի շուրջ ութսուն ընկերութիւններ եւ համաշխարհային տեղեկատուական արհեստագիտութեանց շուկայի 90 առ հարիւրը: